2014-02-01 09:12:39

Իպրահիմի Սուրիական պատուիրակութիւնները 10 Փետրուարին հրաւիրեց Ժընեւ` բանակցութիւնները շարունակելու


Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ¬ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի երէկ Ժընեւի մէջ մէկ շաբաթ տեւած բանակցութեանց առաջին փուլի աւարտէն ետք Սուրիոյ կառավարական եւ ընդդիմադիր պատուիրակութիւնները 10 փետրուարին հրաւիրեց Ժընեւ վերադառնալու` բանակցութիւնները շարունակելու համար:
Իպրահիմի ըսաւ, որ երկու կողմերուն միջեւ վիհը կը շարունակէ մեծ մնալ, սակայն գոյութիւն ունի հասարակաց փոքր տարածք մը, որուն երկու կողմերը ծանօթ չեն կամ ատոր գոյութիւնը չեն ուզեր ընդունիլ: Ան ըսաւ, որ ընդդիմադիր պատուիրակութիւնը յայտարարած է, որ պիտի մասնակցի բանակցութեան յառաջիկայ փուլին, իսկ կառավարական պատուիրակութիւնը կը նախընտրէ խորհրդակցութիւններ կատարել, նախքան այդ առնչութեամբ կեցուածք արտայայտելը:
Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի երէկ Ժընեւ բնակող սուրիացիներու մէկ հաւաքին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Ժընեւի մէջ ընթացող բանակցութիւններուն մէջ որեւէ զիջում պիտի չկատարենք»` նշելով, որ «բանակցութեանց նոր փուլ մը տեղի պիտի ունենայ, սակայն որեւէ փուլի ընթացքին պիտի չստանան որեւէ զիջում, որ Իսրայէլ չէր կրցած ստանալ»:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ յայտարարեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պարտի յանձնառու մնալ սուրիական քիմիական զէնքերու ոչնչացման ժամանակացոյցին, իսկ եթէ յանձնառու չէ, ապա բոլոր ընտրանքները արտօնուած են:







All the contents on this site are copyrighted ©.